ԱՆՑԵԱԼԻ ՎԵՐԱՔԱՂԸ ԱՅՍՕՐ — ՏՈՒՆԴԱՐՁԻ ՄԵՐ ՅՈՒՇԵՐԷՆ

ՎԱՀԱՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

1 – ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԷՍ

Յուշերէս ինծի՝
Սէր մը անուշ վերադարձաւ թարմացած,
Հին օրերու գուրգուրանքովն ակաղձուն,
Զորս հոգիս իմ առատօրէն բաշխեր էր:

Յուշերէս ինծի՝
Յոյսերէն վեր՝ զմայլանք մը միայն,
Ամպերէն անդին յամեցող, վերադարձաւ համովցած,
Թարմացնելու սէրս իմ հին, յիշողութեամբ մը գողտրիկ՝
Եօթներանգի շերտերուն պէս լոյսի:

Յուշերէս ինծի՝
Յաւերժական կարօտ բուրող,
Տունդարձի մեր երթին մէջ,
Տրոփիւնով մը սրտի,
Մելգոնեանի աստուածատուր սէրը մնաց:

Յունիս 2013

2 – ԶՂՋՈՒՄ

Տարիներ վերջ՝ կը քալեմ կրկին խիճերուն վրայ յուշերուս,
Շուքերուն տակ շէնքերուն վեհ Մելգոնեանի,
Որոնց ներքեւ, հազարներ անգամ «Անմահ Լուսոյ» երգեցինք:

Տարիներ վերջ՝ կրկին կը քալեմ խիճերուն վրայ յուշերուս,
Այս անգամ՝ Դամբանին առջեւ, անդարմանելի Կորուստը կ’ողբամ լուռ,
Աչքերով պղտոր, հեւացող շունչով, հիմա «Անմահ Լուսոյ»ն խռպոտ կը լսեմ:

Տարիներ վերջ՝ խիճերուն մէջ յուշերուս, փնտռտուքի հեւքիս մէջ կը կծկուի կուրծքս:
Նոյն անցեալի պատանին ըլլայի կարծես, վերապրելով հին՝ շատ հին՝
Քառասնամեակ մը հին՝ ազնուացնող թրթիռները հոգիիս:

Կը փարատի յիշողութեան մշուշը շուտով, դէմքն անոր գեղեցիկ,
Կը վերածուի անհատնում յուզումներու արշաւի,
Դիմացն հեւացող իմ կուրծքիս:

Կասկածանքով լսած էի մութ ասպետի մը գոյութեան …
Վեհանձնօրէն այն ժամանակ, զոհեցի ես անգին գոհարը սրտիս,
Ծովուն վրայ, նստած մակոյկի մը եզրին,
Ըսի` «Ո’չ, այլեւս չեմ սիրեր քեզ»,
«Տակաւին կը սիրես զիս» հարցումին:

Ու հիմա, տարիներ ետք, տակաւին հեւք կայ կուրծքիս տակ.
Իսկ այսօր – այո’ կը սիրեմ քեզ, անհունօրէն կը սիրեմ քեզ տակաւին,
Հին օրերու պատանեկան ու անարատ երազային յոյզերով:

Յուլիս 2013

3 — ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍԸ ՄԱՏՉԵԼԻ

Լոյսը` մեղքի դէմ վահան,
Ծնունդ Յարութեան:

Լոյսը` կեանքի յարութիւն,
Արդարութեան լիութիւն:

Լոյսը` ապրում հաւատքի,
ու երկունք կեանքի:

Լոյսը` պսակ անապակ,
Սիրոյ մատչելի:

Սեպտեմբեր 2013

4 — ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻՆ

Տունդարձի սրտատրոփ սրտի խօսքեր

Դար մը առաջ.
Բեկորները քու ազգիդ ծուարեցան յարկիդ տակ,
Ու դուն անոնց,
Մոխիրներէն փիւնիկի պէս յառնելու կամքը տուիր:
Տասնամեակներ անվարան,
Դուն բաշխեցիր լոյս ու լոյսի սէր.
Անբասիր լոյսի վառարան,
Մեր լուսաբաշխ Մելգոնեան:

Բզկտուած էր ազգդ բազմադարեան,
Մեծ ոսոխէն անողորմ,
Ու մշակոյթդ փառահեղ՝ անխղճօրէն ոտնակոխուած ու փշրուած:
Դուն քու դալար ճիւղերուդ շուքին,
Հաւաքեցիր նշխարները քու ազգիդ,
Որոնք եկան շարան շարան
Ու յագեցան աղբիւրէդ լոյսի անսպառ:
Ու դուն դարձար հաստաբուն կաղնի,
Նշանակ կեանքի, յաղթական կեանքի,
Մեր փառապանծ Մելգոնեան:

Տասնամեակներ շարունակ,
Սէրն հայրենի ծաղկեցաւ գուրգուրացող յարկիդ տակ,
Մշակներուդ սիրոյ ոգին,
Դարձաւ ազգիդ մայրը անգին.
Դարձաւ ծառայութիւն սերմանող իտէալ բոլորին:
Կրկին սիրելու եւ սէրով ապրելու
Դուն ակօսներ բացիր հոգիներուն մէջ
Մատղաշ աղջիկներուն եւ տղոց:
Ու դուն դարձար ապահով վահան,
Ու տկարին միշտ պաշտպան,
Դուն հոգեզմայլ Մելգոնեան:

Տասնամեակներ շարունակ դուն պատուեցիր քու ազգդ,
Տալով անկշիռ,
Տալով անխտիր,
Տալով անշշուկ,
Տալով անսակարկ:
Ու այս բոլորը դարձան ուղեցոյց սրբազան
Հոգիներուն մէջ մատղաշ աղջիկներուն ու տղոց,
Մեր պատուական Մելգոնեան:

Հոգիներուն մէջ դուն անոնց բազում էջեր լայն բացիր,
Սորվեցնելու դիւցազնական պատմութիւնն ազգիդ տարագիր.
Որ չմոռնան հատուցանել բարիի ժպիտով միայն.
Որ չմոռնան տալ,
Առատօրէն տալ ու անսակարկ տալ,
Ու չմոռնալ միշտ ներել:
Սիրելն ու ներելը դրոշմը դարձաւ
Հոգիներուն այդ մատղաշ աղջիկներուն ու տղոց,
Մեր բարեսէր Մելգոնեան:

Դարձար դուն հնոց ու դարբին՝
Լոյսի, յոյսի ու սիրոյ.
Դարձար դուն փարոս փրկարար`
Հայոց ալեկոծ սփիւռքին:
Ծաղկաստանէդ մեկնած սաներդ անթիւ՝
Եկան գգուելու ծառն իրենց սիրոյ –
Գուրգուրանքի հողաշերտն այդ սուրբ.
Մեր վաստակաշատ Մելգոնեան:

Տասնամեակներ շարունակ՝ մենք քու սաներդ բոլոր,
Տօնեցինք անկորնչելի վաստակդ բեղուն,
Ու տօնեցինք քեզ հպարտ:
Կաղնիիդ կեանքէն միշտ բաժին դրիր դուն՝
Սրտերուն մեջ այդ մատղաշ աղջիկներուն ու տղոց.
Դուն մեր օրհնեալ Մելգոնեան:

Սակայն՝
Դարան դրին քու ոգիիդ ազգանուէր.
Դարան դրին քու վաստակիդ վեհաշուք.
Դարան դրին արմատներուդ խոր, կոճղիդ հաստաբուն.
Դարան դրին անզուգական բարերարներու վսեմ իտէալին:

Ու հարիւրամեակի սեմին`
Քեզ զոհեցին մամոնայի բագինին:
Վասակներ անգութ ու վարձկաններ զազրելի,
Դարանակալ ու գոհունակ քրքջացին անկումդ
Նահապետ կաղնի:

Հաւաքուած ենք մենք կրկին
Կիսանդրիներուն դիմաց զոյգ բարերարներուն:
Այս անգամ մենք ուխտաւոր ենք բոլորս.
Որպէս թոռներն խլեակներուն անցեալի:
Եկած ենք մենք այս քարերուն քով սրբատաշ –
Նորոգուելու լոյսի, յոյսի եւ սիրոյ սուրբ փարոսէն:

Եկած ենք այս սուրբ քարերուն,
Երախտապարտ հոգիներով վերածնունդ ապրելու:
Երիցս մենք կը խոնարհինք քու վաստակիդ վսեմ,
Մեր աննման Մելգոնեան:

Ու կ’աղօթենք մենք հիմա,
Կիսանդրիներու գուրգուրացող նայուածքին տակ:
Թաց են աչքերն մեր բոլորին,
Ձայներն հեղձուած ու խռպոտ.
Վերացած ենք մենք բոլորս.
«Տէր Ողորմեա»ն, «Անմահ Լուսոյ»ն,
Կը թրթռան երկինքն ի վեր:
Յիշատակներն մեր անցեալի
Ներկային հետ կ’ողջագուրուին:
Քու հետդ ենք՝
Մեր սրբագործ Մելգոնեան:

Կը նորոգենք ուխտը մեր.
Սիրել անսահման,
Տալ անսակարկ,
Ներել անվեհեր ու անստուեր:

Գլխահակ դամբանին դիմաց
Մենք կ’աղօթենք հիմա.
Տէր ներէ անոնց`
Վասակներուն, վարձկաններուն եղկելի,
Վասնզի չեն գիտեր թէ ինչ կ’ընեն:

Անզուգական բարերարներ,
Լոյսի-Յոյսի-Սիրոյ դուք անզուգական կռուաններ,
Դուք Մելգոնեան Եղբայրներ,

Անհուն յարգանք,
Անսահման սէր,
Ձեր անթառամ յիշատակին ազգանուէր:

Յաւերժ խունկ ու աղօթք,
Սրտի խորերէն՝ երախտառու ձեր սաներէն:

Յունիս 2013

 

YeranGhazarian-1

YeranGhazarian-2

YeranGhazarian-3

YeranGhazarian-4